02/05/2023
ԱՅՑ՝ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐ
⬇️DİRİLİŞ KİLİSESİ’NE ZİYARET⬇️
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 23 Յունուար 2023, Երկուշաբթի, յետ միջօրէին անպաշտօն այցելութիւն տուաւ Ս. Յարութեան Տաճար, ուր դիմաւորուեցաւ տեղւոյն տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեանի կողմէ։
Ինչպէս ծանօթ է, նորոգուած էր Քրիստոսի Ս. Գերեզմանը, իսկ վերջերս ձեռնարկուած՝ Ս. Յարութեան տաճարի սալայատակի նորոգութեան ու նոյն ժամանակ գետնի հնէաբանական ուսումնասիրութեան։
Նորին Ամենապատութիւնը այստեղ առիթն ունեցաւ նաեւ հանդիպելու նոյն աշխատանքի պատասխանատուներէն Օտամա Համտանի հետ եւ տեղեկութիւններ քաղեց համամարդկային սրբավայրի գետնին վրայ տարուած մեծ աշխատանքի մասին։
Մեր Հոգեւոր Պետը յառաջիկայ օրերուն պաշտօնապէս պիտի այցելէ Ս. Յարութեան Տաճար։
DİRİLİŞ KİLİSESİ’NE ZİYARET
Kadasetli Patrik Sahak II Hazretleri, 23 Ocak 2023 Pazartesi günü öğleden sonra, Diriliş Kilisesi’ne resmi olmayan bir ziyarette bulundu. Burada Üstrahip Samuel Ağoyyan tarafından karşılandı.
Bilindiği üzere İsa Mesih'in Kutsal Mezarı restore edilmiştir. Ayrıca Diriliş Kilisesi’nin zemini yenilenmiş ve arkeolojik çalışmalar yapılmıştır.
Burada Patrik Hazretleri, yapılan çalışmanın sorumlularından Odama Hamdan ile tanışma fırsatı buldu ve bu kutsal mekânın zemininde yapılan çalışmalar hakkında bilgi aldı.